2016-02-14 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Փետրուարի այլ թութիներ` ''Հետեւինք Մարիամին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեծ խանդավառութեամբ ու հայրական հոգածութեամբ յառաջ կը տանի Մեքսիքոյի այցելութեան հովուական առաքելութիւնը եւ ցանցի միջոցաւ կը շարունակէ հաւատացեալները բաժնեկից դարձնել իր պատգամներուն եւ թելադրանքներուն։

Այս առընչութեամբ 13 փետրուար 2016-ին ան հրատարակեց այլ երկու թուիթներ որոնց ընդմէջէն հրաւիրեց` հետեւելու Մարիամի օրինակին ապա թելադրեց վստահութիւն տալ նոր սերունդին ու երիտասարդներուն որպէս ապագայի յոյս։

Առաջին թութին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց ''Մարիամը ''Այո''ի կինն է, Այո մը` նուիրուելու Աստուծոյ, Այո մը` նուիրուելու իր եղբայրներուն։ Հետեւինք Անոր իր այս նուիրումին մէջ''։ 

Իսկ երկրորդ թուիթը քաղուած է Նախագահական Պալատին մէջ արտասանած Քահանայապետին ճարէն. որուն մէջ կ՛ըսէ ''Մեքսիքոն երիտասարդ դիմագիծ մը ունի։ Այս մէկը առիթ կու տայ մտածելու եւ ծրագրելու ապագայ մը։ Ասիկա յոյս կը ներշնչէ'' 








All the contents on this site are copyrighted ©.